image
Հրատապ լուրեր:

Շարլի Հիպտոյի Հիմնական Թեման Եւրոպա Հանսող Սուրիացի Գաղթականներն Են (Լուսանկար)

Շարլի Հիպտոյի  Հիմնական Թեման  Եւրոպա Հանսող Սուրիացի Գաղթականներն Են  (Լուսանկար)

Ֆրանսա- Փարիզ հրապարակուող «Շարլի Հիպտո» երգիծաթերթը իր վերջին   թիւին  գլխաւոր թեման յատկացուցած է    Եւրոպա հասնող սուրիացի  գաղթականներուն:   Պարբերականին  հրապարակած   ամէնէն ուշագրաւ  նկարները երկուք են: Անոնցմէ առաջինին մէջ  պատկերուած է  Պոտրումի ափերուն     խեղդամահ եղած եւ ափը «նետուած»  սուրիացի   3-ամեայ երեխայ Իյլան  Ալ Քուրտին:  Պատկերին   տակ գրուած է    «Շատ մօտԻԿ  իր նպատակին» իսկ անոր   վրայ   երեւելի է    ամերիկեան Մաք Տոնլըտ ճաշարաններու    ծանուցումը  ուր կը կարդանք ՝«Յատուկ զեղչ  երկու երեխայ Մէկ երեխայի գինով»: Երկրորդ նկարին մէջ  կը ներկայացուի Յիսուս Քրիստոսն ու            խեղդուող   գաղթական մը: Մինչ Քրիստոս  կը յայտնէ, թէ «Քրիստոնեաները  կարողութիւնը ունին  ջուրին վրայէն քալելու»  անդին խեղդուողը, որ անաչափահաս երեխայ մըն է կը պատասխանէ՝ «Իսլամները ջուրին մէջ  կը խեղդուին» : Նշենք, որ  «Շարլի Հիպտո»ի այս վերջին թիւի հրապարակումէն ետք Եւրոպական ընկերային ցանցեր մեծ տարողութեամբ քննարակած են անոր     արծարծած    թեմաները: Յիշեցնենք, որ  8 ամիս  առաջ  պարբերականին գլխաւոր կեդրոնատեղին  ծայրայեղականներու ահաբեկչութեան թիրախ դարձած էր      եւ գրոհի մը  հետեւանքով անոր գլխաւոր նկարիչները սպաննուած էին: