image
Հրատապ լուրեր:

Սէյիտ Հասան Նասրալլա. Պատասխանատուն Միացեալ Նահանգներն է

Սէյիտ Հասան Նասրալլա. Պատասխանատուն Միացեալ Նահանգներն է

Այն ինչ տեղի կ'ունենայ, «դաս է անոնց համար, որոնք կը վստահին, կ'ապաւինին եւ խաղադրոյք կը կատարեն Ամերիկայի վրայ, եւ մենք պէտք է իմանանք, որ ամերիկեան վարչակազմը կը կրէ ներկայիս ողբերգութեան պատասխանատուութիւնը:

 

Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղար Հասան Նասրալլա ըսած է, որ արեւմտեան երկիրները «ամէն ինչ կ'ընեն Ռուսաստանի դէմ, բացի ուղղակի մարտերէ»:

Սէյիտ Նասրալլահ նշած է, որ Արեւմուտքի ներկայիս դիրքորոշումները ցոյց կու տան «երկակի չափանիշեր` համեմատած ամերիկեան պատերազմներու նկատմամբ անոր դիրքորոշման հետ»:

Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղարը ընդգծած է, որ աշխարհը այսօր «կը յարգէ միայն ուժեղները», եւ «կը լռէ ամերիկեան յանցագործութիւններուն առջեւ», նշելով որ ԱՄՆ միլիառաւոր տոլարներ գողցած է աֆղան ժողովուրդի դրամներէն:

Ան յաւելած է. «Ուժեղ եւ ամբարտաւան է Ամերիկան, աշխարհը կը լռէ իր անարդարութեան դիմաց, որոնցմէ ամենավերջինը Պայտընի կողմէ աֆղան ժողովուրդի դրամներուն գողութիւնն է: Աֆղանիստանի Կեդրոնական դրամատունը Ամերիկայի մէջ ունի 7 միլիառ տոլար, որ Պայտըն որոշած է բաժնել եւ կէսը նուիրաբերել Սեպտեմբեր 11-ի զոհերուն:»

Ան շարունակած է՝ ըսելով, որ «ԱՄՆ-ն պատասխանատու է այն ամէն ինչի համար, որ տեղի կ'ունենայ Ուքրանիոյ մէջ, եւ ինքն է որ դրդած է այդ ուղղութեամբ», պարզաբանելով որ Ուաշինկթընը «ամէն ինչ կատարեց ներկայիս սենարը կեանքի կոչելու համար, եւ ինքն է որ պայմաններ կը դնէ` բարդացնելու իրավիճակը»:

Սէյիտ Նասրալլան ըսած է, որ այն ինչ տեղի կ'ունենայ, «դաս է անոնց համար, որոնք կը վստահին, կ'ապաւինին եւ խաղադրոյք կը կատարեն Ամերիկայի վրայ, եւ մենք պէտք է իմանանք, որ ամերիկեան վարչակազմը կը կրէ ներկայիս ողբերգութեան պատասխանատուութիւնը»: