image

Սեւան Նշանեան. Հիւրանոցս չեն քանդած, գործերն ալ լաւ կ’ընթանան

Սեւան Նշանեան. Հիւրանոցս չեն քանդած, գործերն ալ լաւ կ’ընթանան

Օրեր առաջ թրքական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Թուրքիոյ մէջ որոշում առնուած էքանդել պոլսահայ մտաւորական, գործարար, շաբաթներ առաջ թրքական բանտէ փախած ՍեւանՆշանեանի ընտանիքին պատկանող  «Նշանեան տուներ» անունով յայտնի հիւրանոցայինհամալիրը, որը Թուրքիոյ գաւառական ինքնատիպ հիւրանոցներէն է:  
Լուրը արագ տարածուեցաւ եւ շատեր այս քայլը քաղաքական նկատեցին:
«Արեւելք» ի հետ զրոյցի ընթացքին, Հայաստան գտնուող մտաւորական Սեւան Նշանեանը ըսաւ, որ լուրը չի համապատասխաներ իրականութեանը. «Հիւրանոցին  ձեռք չեն տուած, նոյնիսկգործերը աւելի լաւ կ’ընթանան»: Ան նշեց, որ գիւղի մէջ քանդած են այլ կառոյց մը: այդ կառոյցի սեփականատէրը յայտնած է, որ յաջորդը Նշանեանին պատկանող կառոյցը պիտի ըլլայ, բայց թրքական լրատուամիջոցները սխալ լուր տարածած են:  Սեւան Նշանեանը յայտնեց նաեւ, որընտանիքը Շիրինճէի մէջ է եւ կը շարունակէ առաջ տանիլ աշխատանքը: