image

Սեւան Նշանեան Թուրքիա՞ պիտի արտաքսուի

  Սեւան Նշանեան Թուրքիա՞  պիտի արտաքսուի

 Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան կրնայ  Թուրքիա  արտաքսուիլ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Աթէնքէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  Սեւանի  դէպի Թուրքիա արտաքսման վտանգներուն մասին դիմատետրի  իր էջով անդրադարձած է  իր կինը՝ Հերա Ցուրուն։

 

 Ցուրու մասնաւորապէս գրած է, որ Յունաստանի իշխանութիւնները  ոստիկանատուն հրաւիրած են իր ամուսնոյն, որուն կեցութեան արտօնութիւնը  աւարտած է օրեր առաջ եւ զինք հարցաքննած։

 Կը նշուի նաեւ, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր Սիրոս շրջանի դատարանը կրնայ վճիռ կայացնել եւ Նշանեանը արտաքսել դէպի Թուրքիա։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Նշանեան   5  տարի առաջ   Յուլիս  2017-ին խոյս տուած էր Ֆուճայի   «բաց» բանտէն ու ապաստանած ՝  Յունաստանի «Սամոս» կղզին։

 Ամողջական կերպով ակադեմական գործունէութեան նուիրած Նշանեան կը համարուի Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող այլախոհ մտաւորական մը, որուն  այդ երկիր վերադարձուիլը կրնայ բաւականին ծանր հետեւանքներ ունենալ հայազգի մտաւորականին վրայ։

 

 Նշենք նաեւ, որ Նշանեան ՀՀ քաղաքացիութիւն ունի, որ  մասնաւորապէս այս  օրերուն կրնայ փրկութեան լաստ հանդիսանալ Թուրքիա «արտայանձնուելու» վտանգին ենթակայ մտաւորականին։