Նախօրէին Զախարովա կոչ ըրած էր ԱՄՆ-ին կանգնեցնելու մագլցողական անիւը եւ սկսելու առարկայական, ազնիւ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւն։
ԱՄՆ-ը մտադիր է արտաքսել եւս 55 ռուս դիւանագէտ եւ դեսպանատան ու հիւպատոսարաններու վարչական աշխատողներ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Ան պարզաբանած է, որ ներկայիս Ռուսաստանի տարածքին ամերիկեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ կ'աշխատի մօտ 130 մարդ, մինչդեռ Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական առաքելութեան եւ Նիւ Եորքի ու Հիւսթընի գլխաւոր հիւպատոսարաններուն մէջ՝ 200-էն պակաս։
«Հաշուի առնելով Ուաշինկթընի յառաջ քաշած պահանջները առ այն, որ մեր եւս 55 դիւանագէտներ եւ վարչական աշխատողներ պէտք է լքեն ԱՄՆ-ն յառաջիկայ ամիսներուն, իրադրութիւնը դիւանագիտական ճակատին վրայ միայն պիտի խորանայ», ըսած է Զախարովա։
Նախօրէին Զախարովա կոչ ըրած էր ԱՄՆ-ին կանգնեցնելու մագլցողական անիւը եւ սկսելու առարկայական, ազնիւ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւն։
27 Հոկտեմբերին Պետական քարտուղարութիւնը մտահոգութիւն արտայայտած էր առ այն, որ Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանատան աշխատանքը, դիւանագիտական անձնակազմի կրճատման լոյսին տակ, կրնայ հասցուիլ միայն արհեստագիտակամ գործառոյթներու կատարման։ Նշուած է, որ Մոսկուայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմը 2017 թուականին առկայ 1200 աշխատակիցներէն կրճատուած է՝ 2021-ի Հոկտեմբերին դառնալով 120։