image
Հրատապ լուրեր:

Սերժ Սարգսեան- Խաչատուր Սուքիասեան դատական գործին առընթեր դատարանը վարոյթ ընդունեց

Սերժ Սարգսեան- Խաչատուր Սուքիասեան դատական գործին առընթեր դատարանը վարոյթ ընդունեց

Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է ՀՀ երրորդ նախագահի Սերժ Սարգսեանի ներկայացուցած հայցն ընդդէմ ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանի դէմ: Այս մասին կը տեղեկանանք «Դատալեքս» տեղեկատուական համակարգէն: 

Դատական գործի վերաբերեալ տեղեկութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ երրորդ նախագահը հայց ներկայացուցած է նաեւ ԱԺ աշխատակազմի դէմ` պահանջելով հրապարակայնօրէն հերքել զրպարտութիւն հանդիսացող տուեալները եւ հատուցել իր պատուոյն ու արժանապատուութեան պատճառուած վնասը։

Դատական գործը մակագրուած է ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Քանաքեռի նստավայրի դատաւոր Սերկէյ Սահակեանին:

Դատավարութեան մեկնարկի օրը նշանակուած չէ։

Յիշեցնենք, որ  25 Օգոստոսին խորհրդարանին մէջ Սուքիասեանը յայտարարած էր, թէ Սարգսեանը 100 միլիոն տոլարէն աւելի գումար «քազինոներում կրուել է Պատեն-Պատէններում», եւ այդ, իշխանական պատգամաւորի պնդմամբ, բանակի եւ պետութեան այլ ծախսերու հաշուոյն՝ վերածուելով լայնամաշտապ քոռուփցիայի: