image

Սեպտեմբեր 10-էն Ի Վեր PKK-ի Զոհերուն Թիւը Անցած է 90-ը

Սեպտեմբեր   10-էն  Ի Վեր     PKK-ի   Զոհերուն Թիւը  Անցած է  90-ը

 Թուրքիա-  ( «Տէյլի Սապահ»)       10   Սեպտեմբերէն  ի  վեր       թրքական  ուժերուն կողմէ    PKK-ի դէմ        շղթայազերծուած զինուորական   գործողութիւններուն հետեւանքով  զոհուած քիւրտ  զինեալներուն    թիւը   անցած է 90-ը: Այս մասին   լուրը կը փոխանցէ       «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ  կը  հաղորդէ, թէ  քիւրտ  զինեալներուն   մեծ տոկոսը   սպաննուած   է թրքական օդուժի    հիւսիսային  Իրաքի քրտական  «Հաֆթանին»    անունով  յայտնի գաղթակայանին    դէմ կատարուած գրոհներուն հետեւանքով:  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  շուրջ  35      քիւրտ զինելաներ  զոհուած  են Թուրքիոյ արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող  Թիւնճէլի նահանգին մէջ:  Ըստ   թերթին թրքական օդուժը իր հարուածները կ'իրականացնէ     F 16    տիպի կործանիչներով: