image

Այսօր Սեպտեմբերի 11-ն է. Ամերիկան կը յարգէ Twin Tower-ի զոհերուն յիշատակը

Այսօր Սեպտեմբերի 11-ն է. Ամերիկան կը  յարգէ Twin Tower-ի  զոհերուն յիշատակը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը եւ անոր կինը՝ Ճիլը ժամանած են Նիւ Եորք՝ մասնակցելու 2001 թուականի 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչութեան 20-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի միջոցառումներուն: Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տունը:

20 տարի առաջ «Ալ Քաիտա» ահաբեկչական խմբաւորման 19 ահաբեկիչ առեւանգեցին ԱՄՆ 4 ուղեւորափոխադրող օդանաւեր: Անոնցմէ երկուքը ահաբեկիչները ուղղած էին դէպի Նիւ Եորքի՝ այն ժամանակուան ամենաբարձր շէնքերը՝ Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնի երկու զոյգ կառոյցները, երրորդն ուղղած էին դէպի Փենթակոն: Չորրորդ օդանաւը եւս ուղղած էին դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթոն, սակայն այն Շանքսվիլ քաղաքէն ոչ հեռու կործանուած էր:

Ահաբեկչութիւններու հետեւանքով պաշտօնական տուեալներով՝ մահացած է 2977 մարդ, որոնք 90 երկրի քաղաքացիներ էին, տուժած էր աւելի քան 6 հազար մարդ: