Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը պատրաստ է միանալ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի ձեւաւորած ընտրական դաշինքին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան ատենապետ ՝ Նարեկ Գալստեանէն:
Յիշեցնենք, որ Գալստեան աւելի վաղ հայրենի լրատուական կարգ մը ծառայութիւններուն խօսելով դաշինքի ձեւաչափով Հայաստանի ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցութիւն բերելու մասին նշում կատարած էր: