Լրտեսութեան մէջ մեղադրուող Սարգիս Գալստեանը, որ 2023 -ի պատերազմէն ետք մօտ կէս տարի ապրած էր Արցախի մէջ, ապա տեղափոխուած Հայաստան, մեղաւոր ճանչցուած է եւ դատապարտուած 18 տարուան ազատազրկման:
Այս մասին յայտնած են դատախազութենէն։
Գալստեանը 2018-2023 թուականներուն տարբեր պաշտօններ վարած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ, եղած է Շուշիի վարչական շրջանի ղեկավար, կրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, ԼՂ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ։
Ըստ մեղադրանքի՝ ան 2020-էն հաւաքագրուած է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ հետախուզութեան ծառայութեան կողմէ եւ լրտեսած: