image
Հրատապ լուրեր:

Սարսափելի սպանութիւն Երեւանի մէջ

Սարսափելի սպանութիւն Երեւանի մէջ

20 օգոստոսին, առանձնակի դաժանութեամբ սպանութիւն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

Ժամը 16։55-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 9-11 Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Կողբացի փողոցի 1-ին շէնքի 11-րդ յարկի բնակարաններէն մէկու լուսամուտէն ծուխ կը նկատուի։

Հրշէջները 11-րդ յարկի թիւ 59 բնակարանին մէջ առաջացած կրակը մարելու համար կոտրած են դուռը, ապա ներսը աշխատանքներ կատարած ու մարած կրակը։ Խոհանոցի մօտ՝ յատակին, յայտնաբերուած է տղամարդու դի։

Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ դիակի վրայ առկայ է սուր կտրող-ծակող առարկայի հարուածի 4 հետք եւ չի բացառուիր, որ քննիչի կողմէ նշանակուած դիակի դատաբժշկական փորձաքննութեամբ պարզուի, որ հարուածները աւելի են։

Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ սպանուածը 28-ամեայ տղամարդ է, որ ըստ հաւաքուածներու՝ այդ շարքին հարեւաններու,  անդրսեռ (transgender) է։