Հալէպի մէջ ցանկացած հայկական բոյնի կազմութեան լուր մեզի համար առաւել ուրախանալու ու նաեւ յուսադրիչ երեւոյթ է , որն անպայման կը պատմէ հայկական համայնքին վերականգնման ու ու բնականոն հուն վերստին մտնելու կապուած գործադրուող բնական միտումներուն մասին։
Հալէպէն բարի լուր ստացանք։ Հայկական օճախ կազմելու նպատակով Սարին Թաթոյեան ընդ Յակոբ Ուրիշիկեան նշանուած են։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ երիտասարդ զոյգի ազգականներէն։
Նշենք, որ Հալէպի ծնունդ Յակոբ Ուրիշիկեան վարպետ արհեստաւոր է։ Ան անհատական ասպարէզէն բացի նաեւ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական է եւ գործունեայ անդամներէն մին Հալէպի ՀՄԸՄ-ի Ֆանֆարին (փողերախումբ)։
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդուհի Սարին Թաթոյեան ապա նշենք, որ ան կը շարունակէ իր համալսարանական ուսումնառութիւնը եւ շուտով պիտի վկայուի ու կեանքի ասպարէզ նետուի, որպէս փաստաբանուհի։
Ան իր ուսումնառութիւնէն բացի մասնակից է նաեւ Հալէպի համայնքային կեանքին ու անդամ է Հալէպէն սփռուող «Ռատիօ երազ»ին, ուրկէ ալ հանդէս կու գայ, որպէս խոստմնալից խօսնակուհի։
Հալէպի մէջ ցանկացած հայկական բոյնի կազմութեան լուր մեզի համար առաւել ուրախանալու ու նաեւ յուսադրիչ երեւոյթ է , որն անպայման կը պատմէ հայկական համայնքին վերականգնման ու ու բնականոն հուն վերստին մտնելու կապուած գործադրուող բնական միտումներուն մասին։
Այս առթիւ մեր սրտագին մաղթանքները կը կցենք այս լուրին եւ այդ մաղթանքները կը յղենք յատկապէս մեր թերթի բարեկամուհի, համայնքային շրջանակներուն կողմէ յարգուած Տիկին Լուսին Թէրզեանին։