Օրերս Սարգիս Գույումճեան եւ Հեղինէ Գըպճեան Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանին առաջ կանգնելով իրարու «այո՛» ըսին եւ ուխտեցին միասին շարունակել իրենց կեանքը
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ նորապսակ զոյգի հարազատներէն։
Նշենք, որ պասկադրեալները երկուքն ալ արմատներով Հալէպէն են։
Պայմաններու բերումով իր ընտանեկան պարագաներուն հետ Սարգիս մեկնած եւ հաստատուած ՝Աւստրալիա, իսկ հարսքոյրը՝ Հեղինէ Սուրիոյ պատերազմի թէժ օրերուն իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Երեւան։
Այսպիսով անոնք սկիզբը պիտի դնեն հայութեամբ շնչող նոր ընտանիքի մը, որուն արմատները սնունդ առած են արեւմտահայոց օրրան Հալէպէն եւ վերաթարմացած հայրենիք ՝ Հայաստանի շունչով։
Մասնաւորապէս հայութեան համար, ոչ այնքան լուսաւոր այս օրերուն իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի կազմութիւնը խթան է մեզի համար, արեւոտ եւ յուսատու օրերու ակնկալիքով։

Մեր շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք հարսնեւորներուն եւ մասնաւորապէս կը յիշենք պսակադրութեան խաչեղբայր Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Սիլվա Գույումճեանները։