image

Սամուէլ Շահրամանեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները

Սամուէլ Շահրամանեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանն ընդունած է հոկտեմբեր 29-30-ը Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր Նիքոլաս Պեյի, իտալացի պատգամաւոր Վինչենցո Սոֆոյի եւ Եւրոպական խորհրդարանի առաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական «Reconquête» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիոն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Հանդիպման մասին իր դիմատետրեան էջին գրառում կատարած է ֆրանսացի պատգամաւոր Մարիոն Մարեշալը՝ կարեւորելով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումը։

Մարեշալը շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող Ատրպէյճանը կ՚ուզէ բնաջնջել հայերն ու ոչնչացնել քրիստոնէութեան հետքը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առնչուող հարցեր։