image

Սամուէլ Բաբաեանի յայտարարութիւններու եւ հաղորդման հիման վրայ քրէական գործ յարուցուած է

Սամուէլ Բաբաեանի յայտարարութիւններու եւ հաղորդման հիման վրայ քրէական գործ յարուցուած է

Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանի հնչեցուցած յայտարարութիւններու եւ հաղորդման հիման վրայ քրէական գործ յարուցուած է, այս մասին ըսած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն։

Վարոյթը նախաձեռնուած է երկու յօդուածներով՝ Քրէական օրէնսգիրքի 550 յօդուածով՝ «Զինուորական պաշտօնէական անփութութիւնը», որ կը սահմանէ՝ ռազմական դրութեան, պատերազմի ժամանակ կամ մարտի պարագաներու մէջ հրամանատարի կամ պաշտօնատար անձի կողմէ իր ծառայողական պարտականութիւններու կատարման նկատմամբ անբարեխիղճ կամ անփոյթ վերաբերմունքի հետեւանքով ատոնք չկատարելը կամ ոչ պատշաճ կատարելը, ինչպէս նաեւ Քրէական օրէնսգիրքի 550 յօդուածով՝ «Մարտ վարելու միջոցները հակառակորդին յանձնելը կամ թողելը», որ կը սահմանէ՝ առանց մարտի հանգամանքներով հարկադրուած ըլլալու հրամանատարի (պետի) կողմէ ամրութիւնը, մարտական տեխնիկան կամ մարտ վարելու այլ միջոցը հակառակորդին յանձնելը կամ թողելը։

Դատախազութենէն հաղորդած են, որ գործով մեղադրեալներ այս պահի դրութեամբ չկան:

Սամուէլ Բաբայեանը, յիշեցնենք, Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին յայտարարած էր, թէ նախկին ու ներկայիս ղեկավարները յանձնած են Արցախը։

Ան կոչ ըրած է Դատախազութեան իր ըսածներն ընդունիլ յայտարարութիւն յանցագործութեան մասին եւ քրէական գործ յարուցել։