ԼՂՀ- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան սահմանային հատուածին անցնող շաբաթավերջին համեմատաբար աւելի հանգիստ էր: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ նոյնպէս կը հաղորդէ, որ երէկ սահմանին վրայ առկայ հրադադարը խախտուած է 150 անգամ եւ հակառակաորդը հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1500 կրակոց: