image

Իրան ու Ռուսիան Կովկասի մէջ դաշնակիցներ չեն. ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպան

Իրան ու Ռուսիան Կովկասի մէջ դաշնակիցներ չեն. ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպան

Ռուսիան եւ Իրանը Հարաւային Կովկասի մէջ տարբեր շահեր ունին՝ New York Times-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին, մանրամասնելով՝ «մենք որոշ տարաձայնութիւններ ունինք, եւ որոշ համընդհանուր շահեր։ Այդ չի նշանակեր, որ մենք դաշնակից ենք»։

«Հակամարտութիւններով լի Կովկասին մէջ Ռուսիան եւ Իրանը տարբեր տեսակէտներ ունին առեւտրային ճանապարհներու եւ ազդեցութեան բաժանման հարցով», - գրած է ամերիկեան պարբերականը, մանրամասնելով՝ այդ արեւմտեան երկիրները անսովոր երկընտրանքի առջեւ կը կանգնեցնէ։

Փաստելով, որ տարածաշրջանի ապագայի շուրջ լարուածութեան վերջին ալիքը Սիւնիքի շուրջ կը դառնայ, New York Times-ը գրած է՝ «այս պահուն այդ ճանապարհը առանցքային նշանակութիւն ունի իրանեան ապրանքները Պարսից ծոցէն Ռուսիա եւ Եւրոպա հասցնելու համար։ Այստեղ է, որ Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը կ՚ուզեն արեւելք-արեւմուտք ճանապարհ բանալ դէպի Թուրքիա, որ պիտի ըլլայ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս։ Հայերը մտավախութիւն ունին, որ այդ ճանապարհն Ատրպէյճնը կը վերցնէ ուժով»։

«Մենք չենք կրնար ընդունիլ միջազգային սահմաններու փոփոխութիւն», - ամերիկեան պարբերականին տուած եզակի հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը։

Մեհտի Սոպհանին, միաժամանակ, խուսափած է յստակեցնել՝ ինչ կ՚ընէ Թեհրանը, եթէ Ատրպէյճանը յարձակի։ «Այդ տեղի չունենար», -ըսած է ան։