image

Սահմանազատման յանձնաժողովի գործունէութիւնը կապ չունի Ղարաբաղի իրավիճակին հետ. Զախարովա

Սահմանազատման յանձնաժողովի գործունէութիւնը կապ չունի Ղարաբաղի իրավիճակին հետ. Զախարովա

Ռուսիան պատրաստ է յառաջիկային կազմակերպելու հայ–ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովի երկրորդ հանդիպումը:

Այս մասին յայտնած է է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովի գործունէութիւնը որեւէ կերպ կապուած չէ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող ԼՂ Ասկերանի շրջանի գիւղերէն մէկուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ», ըսած է ան` անդրադառնալով Արցախի Փառուխ գիւղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:

«Միեւնոյն ժամանակ յոյս ունենք, որ գործարկումն ու համակարգուած աշխատանքը կը նպաստեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ու միջադէպերու կանխման, ինչպէս հայ–ատրպէյճանական սահմանին, այնպէս ալ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ», ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի ներկայացուցիչը: