image

Սահմանագծման ու սահմանազտման աշխատանքները պէտք է արագ սկսիլ. Լաւրով

Սահմանագծման ու սահմանազտման աշխատանքները պէտք է արագ սկսիլ. Լաւրով

Ռուսաստանը կը կարծէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքները անհրաժեշտ է սկսիլ հնարաւորինս կարճ ժամանակահատուածի մէջ։ Այս մասին Սերկէյ Լաւրով նշած է իր հայաստանցի գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ժամանակ։ 

«Ռուսական կողմը շեշտած է հնարաւորինս արագ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ յետոյ արդէն սահմանազատման աշխատանքները սկսելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաև գործնական հարթութիւն տեղափոխել ՀՀ, ՌԴ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։