image

Սահակաշվիլիի կուսակցութիւնը կը դադրեցնէ խորհրդարանական պոյքոթը

Սահակաշվիլիի կուսակցութիւնը կը դադրեցնէ խորհրդարանական պոյքոթը

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւնը կը դադրեցնէ 2021-ի Յուլիսին յայտարարուած խորհրդարանի աշխատանքի պոյքոթը: Այս մասին յայտարարած է խմբակցութեան նախագահ Խաթիա Տեքանոիձէն:

«Շաբաթ օր հանդիպման ժամանակ մենք որոշեցինք, որ «Միացեալ ազգային շարժումը` «Ուժ միասնութեան մէջ» խմբակցութիւնը պիտի մասնակցի խորհրդարանական գարնանային նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ պիտի դադրեցնէ պոյքոթը», ըսած է Տեքանոիձեն:

Յիշեցնենք, որ Վրաստանի մէջ խորհրդարանի գարնանային նստաշրջանը կը սկսի Երեքշաբթի: «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւնը, որ 150 տեղնոց Օրէնսդիր մարմինին մէջ ներկայացուած է 30 պատգամաւորով, պոյքոթ յայտարարած էր 2021-ի Յուլիսին, երբ Թիֆլիսի մէջ աւանդական արժէքներու պաշտպանները ծեծի ենթարկեցին լրատուամիջոցների աշխատակիցները, որոնք կը պատրաստուէին լուսաբանել միասեռականներու համայնքին եւ անոնց կողմնակիցներուն շարժումը: