Թուրքիա- «Իշխանութիւնները երկիրը քաղաքացիական պատերազմի կը տանին». BBC–ին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է քրամէտ HDP կուսակցութեան համանախագահ Սալահէլտին Տէմիրթաշ: Տէմիրթաշ նաեւ ըսած է, որ իր կուսակցութիւնը «Լինչի դատաստան»ի կ’ենթարկուի: Անոր համաձայն HDP-ի կերոնատեղիներու վրայ թուրք ազգայանականներ շուրջ 400 յարձակումներ գործած են: Նշենք, որ Տէմիրթաշ եւ իր համախոհները երէկ ուղղուած էին Թուրքիոյ հարաւ- արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Ճիզրէ քաղաք, որ կը գտնուի «պարէտային ժամ»ի պայմաններուն մէջ, բայց ապահովական մարմիններ արգելք դրած էին Տէմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութեան դէմ այդ շրջանները հասնելու: