image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ մայիս 8-ը հռչակած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ԱՄՆ-ի յաղթանակի օր

Թրամփ մայիս 8-ը հռչակած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ԱՄՆ-ի յաղթանակի օր

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Thruth Social սոցիալական ցանցի էջին գրած է, որ Միացեալ Նահանգները «անհամեմատ աւելի» ներդրում ունեցած է Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն յաղթանակի գործին, քան միւս երկիրները։ Թրամփ նաեւ նոր տօներ սահմանած է՝ Յաղթանակի օրեր՝ համապատասխանաբար նոյեմբեր 11-ին եւ մայիս 8-ին երկու պատերազմներու համար:

ԱՄՆ նախագահը աւելցուցած է, որ ժամանակն է սկսիլ «տօնել մեր յաղթանակները»։

«Մենք յաղթեցինք երկու պատերազմներուն, ոչ ոք մեզի մօտ է ուժով, քաջութեամբ եւ ռազմական հմտութեամբ, բայց մենք այլեւս ոչինչ կը տօնենք, քանի որ մենք այլեւս չունինք առաջնորդներ, որոնք կրնան այդ ընել», - գրած է Թրամփը: