image

Ս. Տէմիրթաշ «Երկիրը Քաղաքացիական Պատերազմի Կը Տանին»

Ս. Տէմիրթաշ «Երկիրը Քաղաքացիական Պատերազմի Կը Տանին»

Թուրքիա-  «Իշխանութիւնները  երկիրը  քաղաքացիական պատերազմի կը տանին».  BBC–ին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է    քրամէտ HDP կուսակցութեան   համանախագահ Սալահէլտին Տէմիրթաշ: Տէմիրթաշ նաեւ  ըսած է, որ իր կուսակցութիւնը «Լինչի դատաստան»ի կ’ենթարկուի:  Անոր համաձայն   HDP-ի       կերոնատեղիներու        վրայ   թուրք ազգայանականներ   շուրջ  400  յարձակումներ գործած  են: Նշենք, որ Տէմիրթաշ  եւ իր համախոհները երէկ   ուղղուած էին  Թուրքիոյ  հարաւ- արեւելեան    շրջանին մէջ գտնուող Ճիզրէ  քաղաք, որ կը գտնուի  «պարէտային ժամ»ի  պայմաններուն  մէջ, բայց ապահովական մարմիններ  արգելք   դրած էին     Տէմիրթաշի  գլխաւորած պատուիրակութեան   դէմ  այդ  շրջանները   հասնելու: