Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին չորեքշաբթի աշխատանքային այցով ժամանած է Երեւան, ուր պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին։
Անոր օդակայանին մէջ դիմաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Կը նախատեսուի, որ նիստին մասնակցին նաեւ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը եւ Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը։