image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ մէջ յաւելեալ զօրահաւաքի անհրաժեշտութիւն չկայ. Փութին

Ռուսիոյ մէջ յաւելեալ զօրահաւաքի անհրաժեշտութիւն չկայ. Փութին

Ռուսիոյ մէջ յաւելեալ զօրահաւաք պիտի չըլլայ։ Տարեվերջեան ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

«Մեր մօտ մասնակի զօրահաւաք եղաւ, եւ այն ժամանակ մենք 300 հազար մարդ զօրակոչեցինք։ Ի դէպ, սկիզբը շատ հեգնանք եղաւ այս թեմայով, եւ այդ մարդոց «մոպիկներ» անունը տուին: Ես ամէն ինչ լաւ կը յիշեմ։ Տղաները հիանալի կը կռուին, ուղղակի հիանալի: Զօրակոչուածներու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան 14 հերոս կայ, դեռ չեմ խօսիր այլ շքանշաններու ու մետալներու մասին», - ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահը։

Անոր խօսքով՝ այսօրուան դրութեամբ յաւելեալ զօրահաւաքի անհրաժեշտութիւն չկայ։ Այս տարի կամաւոր պայմանագրային զինծառայողներու ներգրաւման արշաւ կայացաւ։ Կը նախատեսուէր մինչեւ տարեվերջ 400-412 պայմանագրային հաւաքագրել, բայց արդէն դեկտեմբեր 13-ի դրութեամբ ռուսական բանակին մէջ ծառայելու համար 486 հազար կամաւոր գրանցուած է։ Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ զէնքը ձեռքին հայրենիքի պաշտպանութեան կանգնելու պատրաստ տղամարդոց հոսքը չի նուազիր. օրական մինչեւ 1500 մարդ կամաւոր կը միանայ Ռուսիոյ զինուած ուժերուն։

Փութինը յատուկ նշած է, որ բոլոր կամաւորները, որոնք կը պաշտպանեն Ռուսիոյ շահերը, պէտք է համանման պայմաններ ունենան աջակցութեան միջոցներու հարցով։