image

Ամերիկան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ միջնո՞րդ

Ամերիկան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ միջնո՞րդ

ԱՄՆ-ը պատրաստ է կառուցողական դերակատարութիւն ունենալու Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւններուն աջակցելու հարցով՝ հակամարտութիւնը դադրեցնելու նպատակով։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Տէն Նեկրեան։

«Միացեալ Նահանգները պատրաստ է որեւէ կառուցողական դեր ստանձնելու, որ կրնայ նպաստել Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւններուն եւ այդ արդիւնքին հասնելու», ըսած է Նեկրեան։

Ան նաեւ կոչ ըրած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ Դիւանագէտին համաձայն՝ կողմերը պէտք է դադրեցնեն այն հարուածները, որոնք ուղղուած են քաղաքացիական նաւերու դէմ կամ անոնց վնաս հասցնելու վտանգ կը ստեղծեն։