Հայաստանը չափազանց անկեղծ է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ որեւէ քայլ չի ձեռնարկեր զանոնք վատթարացնելու համար։ Օգոստոս 26-ին Ազգային ժողովէն ներս ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը՝ արձագանգելով Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտինի հնչեցուցած մեղադրանքներուն։
«Մենք չափազանց անկեղծ ենք եւ միշտ ենք անկեղծ եղել. մենք չէ, որ որեւէ բան ենք անում Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ յարաբերութիւնները վատթարացնելու համար, հակառակը՝ մենք ամէն ինչ արել ենք եւ շարունակում ենք անել նորմալ բարիդրացիական ու բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալու համար»,- ըսած է Ռուբինեանը։
Ռուսիոյ Տումայի նախագահը յայտարարած է, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը ցինիկ է, քանի որ կը յայտարար Եւրոմիութեան միանալու մտադրութեան մասին եւ միաժամանակ կ՚օգտուի ԵԱՏՄ հնարաւորութիւններէն։
Մեկնաբանելով Վոլոտինի այս յայտարարութիւնը՝ Ռուբինեանն ընդգծած է, որ հայկական տնտեսվարողներու նկատմամբ կիրառուող սահմանափակումները չեն համապատասխաներ ոչ երկկողմ յարաբերութիւններու ոգիին, ոչ ալ ԵԱՏՄ կանոններուն, որոնց հիմքը ապրանքներու ազատ եւ անմաքս շարժն է, մինչդեռ փաստացի այդ մէկը կը խախտուի։
Խօսելով ԵՄ-ին անդամակցելու հնարաւոր հանրաքուէի մասին՝ ԱԺ նախագահը պարզաբանած է, որ հանրաքուէ կայացնելը հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն այն բանէ ետք, երբ Հայաստանը դիմէ ԵՄ անդամակցութեան համար, ստանայ դրական արձագանգ եւ յստակեցուին ժամանակային շրջանակները, քանի որ առանց նախնական քայլերու հնարաւոր չէ հարցը ձեւակերպել հանրաքուէի համար։
Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Հայաստանը ուրախ պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-էն հեռացուելու համար, ինչպէս նաեւ Քրեմլի արձագանգին, թէ Երեւանն ազատ է իր ընտրութեան հարցով, Ռուբինեանը աւելցուցած է, որ Հայաստանն այսուհետեւ միշտ ազատ պիտի ըլլայ իր արտաքին քաղաքական ընտրութիւնները կատարելու ժամանակ։