Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է «Յաղթանակի արուեստը. Մարշալ Բաղրամեան» անունով շարժանկարի կալա ցուցադրութիւնը։
Այս ժապաւէնը նուիրուած է 1941-1945 թուականներու «Հայրենական մեծ պատերազմ»ի յաղթանակի 80ամեակին, իսկ հերոսն է հայազգի մեծանուն զինուորական, Խորհրդային Միութեան մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեան։
Շարժանկարի ցուցադրութենէն ետք մարշալ Բաղրամեանի թոռը, որ կը կրէ մեծհօր անունը, միջոցառման մասնակիցներուն նուիրած է ընտանեկան արխիւէն յատուկ լուսանկարներ, հետաքրքրական պատմութիւններ պատմած իր մեծհօր կեանքէն նաեւ պատասխանած մասնակիցներու հարցումներուն։
Ժապաւէնի համահեղինակն է Տիգրան Մինասեան, որ նոյնպէս սրտի խօսք արտասանած է եւ արտայայտուած է յայտնի զինուորականի իւրայատուկ կերպարի մասին։