image
Հրատապ լուրեր:

Փասատինայի մէջ. Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակին նուիրուած երեկոյթ

Փասատինայի մէջ. Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակին նուիրուած երեկոյթ

Փասատինայի մէջ, օրերս, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է  գրական երեկոյ, նուիրուած՝ հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին։

Ստորեւ այդ մասին «Մասիս»ի մէջ լոյս տեսած լրատւութիւնը։

Ներկայ տարեշրջանին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան տարբեր ձեռնարկներու կողքին նախաձեռնած էր գրական-գեղարուեստական հետաքրքրական յայտագիր մը։ Այդ պարունակին մէջ էր գրական երեկոյ մը, նուիրուած հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակին, իր ծննդեան 100-ամեակին առիթով։

Վերոյիշեալ միջոցառումը տեղի ունեցաւ անցեալ Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2024, Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի սրահին մէջ, որուն ներկայ էր մշակութասէր ընտրանի հասարակութիւն մը։

ՆՍՄՄ-ի վարչութեան անունով օրուան հանդիսավար Անի Փինէճեան ողջունեց ներկայ հասարակութիւնը, միասնաբար նշելու հայ գրականութեան տիտաններէն տաղանդաւոր բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100 ամեակը։

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Անի Մարսէլեան, ներկայացնելու բանախօս Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանը։ Հակիրճ կենսագրականէն տեղեակ եղանք որ ան ծնած է Պէյրութ։ Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ-ի վարժարանենրուն մէջ։ Շրջանաւարտ է Հարաւային Գալիֆորնիոյ USC համալսարանէն որպէս ատամնաբոյժ։ Դասախօս է միեւնոյն համալսարանին մէջ։ Հեղինակ քանի մը տասնեակ գիտա-հետազօտական յօդուածներու, որոնք հրատարակուած են ամերիկեան եւ եւրոպական առաջնակարգ մասնագիտական հանդէսներու մէջ։ Իր ասպարէզին զուգահեռ՝ գործօն մասնակցութիւն բերած է ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Երկար տարիներ վարած է ՀԲԸՄ-ի Սաթամեան Թատերախումբի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին։

Մեծատաղանդ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի կեանքին ու գործունէութեան մասին հանգամանաւոր կերպով արտայայտուելով Գրիգոր Սիմոնեան յարեց «…Պարոյր Սեւակ եկաւ ճիշդ ժամանակին եւ անցաւ ժամակէն առաջ իր արուեստով ու տաղանդով։ Մեծ համբաւի տիրացաւ, բայց՝ նախանձ գրգռեց եւ հալածուեցաւ։

Տասնմէկ տարեկանին կը գրէ իր առաջին ոտանաւորը։ Եղած է անյագ ընթերցող մը, Չարենց, Դուրեան, Սիամանթօ, Վարուժան, Թումանեան, Տէրեան եւ Նարեկացի որոնք մեծապէս տպաւորած են զինք։

Գրիգոր Սիմոնեան շեշտեց բանաստեղծի յանդուգն անհատականութիւնը իր գրած չորս բանաստեղծութիւններուն մէ, որոնք լոյս տեսած էին «Սովետական Գրականութիւնՙ ամսագրին մէջ եւ նկատուած ՚անհանդուրժելի» Ստալինեան բռնապետութեան հայ գործակալներուն համար։ Դժուար տարիներ էին…։

Այնուհետեւ Պարոյր Սեւակ Մոսկուա երթալով կ՛ուսանի Կորքիի անուան գրական հաստատութեան (ինստիդուտ) մէջ։

Սեւակ իմաստասէր բանաստեղծը կը սկսի կազմաւորուիլ «Որդուս» հոյակապ բանասետղծութեամբ։

Յարգելի բանախօսը՝ մէկ առ մէկ յիշեց Պարոյր Սեւակի հրատարակութիւնները «Անհաշտ Մտերմութիւն», «Սիրոյ Ճանապարհը», «Նորից Քեզ հետ»։ Արդարեւ, Պարոյր Սեւակ առաջինը եղաւ որ Ապրիլեան Եղեռնը գեղարուեստական գրականութեան բերաւ եւ քերթողութեան վերածեց գրելով «Անլռելի Զանգականտուն»ը։

Սեւակի յաջորդ գիրքը «Մարդը Ափի Մէջ» նոր էջ մը բացաւ հայ գրականութեան մէջ։ Սեւակ անցաւ հայրենասիրականէն համամարդկայինին («Եռաձայն Պատարագ»)  եւայլն։

Տոքթ.Գրիգոր Սիմոնեան իր սոյն բովանդակալից ու խիստ շահեկան զեկոյցն աւարտեց ըսելով «…այնքան ատեն որ կը գոյատեւէ հայ ազգն ու մշակոյթը Սեւակի ձայնը՝ Սեւակի խօսքը պիտի սաւառնի ու խանդավառէ սերունդները»։

Սոյն ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագրով ելոյթներ ունեցան շնորհալի կատարողներ՝ Ելեն Վարդանեան ամունք «Ալռնելի Զանգակագունը» եւ Արթըր Քէօրօղլեան դաշնամուր (Շոփէն, Նոգթիր Արամ Խաչատուրեան, Սուրերու Պար)։

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները առիթն ունեցան շնորհաւորելու ելոյթ ունեցողները։

Գողտրիկ ձեռնարկ մըն էր արդարեւ, որուն համար կ°արժէ շնորհաւորել ՆՍՄՄ-ի նորակազմ վարչութիւնը։