image

Սուրիան իր ճակատագրին լքած Իրանէն արձագանգ. «Մենք զգուշացուցած էինք»

Սուրիան իր ճակատագրին լքած Իրանէն արձագանգ. «Մենք զգուշացուցած էինք»

Իրանեան հետախուզութիւնը երեք ամիս շարունակ զգուշացուցած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութիւնը սպառնալիքներու մասին, սակայն ամէն ինչ անտեսուած է։ Այդ մասին, snn.ir-ի հաղորդմամբ, ժողովուրդին ուղղուած իր ելոյթի ժամանակ յայտարարած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենտին։

«Մեր հետախուզութիւնը ատկէ (նկատի ունի Ասատի տապալումը) քանի մը ամիս առաջ,  օգոստոսէն նոյեմբեր ժամանակահատուածին մէջ անընդհատ նախազգուշական հաղորդագրութիւններ փոխանցած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն, չեմ գիտեր՝ ատոնք հասած են բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, թէ ոչ»,-ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Իրանն ապացոյցներ ունի, որ Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումն ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ հարեւան մէկ այլ երկրի ծրագրի հետեւանք է:

«Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածն ամերիկեան եւ սիոնիստական ​​համատեղ ծրագրի հետեւանք է: Սուրիոյ հարեւան մէկ այլ երկիր յստակ դերակատարում ունեցած է այս հարցով եւ կը շարունակէ ունենալ. սա ակնյայտ է բոլորի համար, բայց հիմնական դաւադիրը, գլխաւոր ծրագրաւորողը Միացեալ Նահանգները եւ սիոնիստական ​​ռեժիմն են: Մենք ապացոյցներ ունինք, որոնք կասկածի տեղիք չեն տար», -ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդը:

Նոյեմբերի վերջը Սուրիոյ մէջ իսլամիսթական ​​խմբաւորումներու դաշինքը յարձակում սկսած է կառավարութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներու վրայ։ Նոյեմբեր 30-ին իսլամիսթները գրաւած են Հալէպը, իսկ դեկտեմբերի սկզբը՝ Համան եւ Հոմսը։ Դեկտեմբեր 8-ին հակակառավարական զօրքերը մտած են Դամասկոս եւ յայտարարած Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու մասին։

Ինչպէս այն ժամանակ յայտնած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Սուրիոյ առաջնորդը բանակցութիւններ վարած է իսլամիսթներու հետ, հրաժարական տուած է եւ լքած երկիրը։ Այնուամենայնիւ, իսլամիսթները յայտարարած են 10 միլիոն տոլարի պարգեւատրութիւն այն տեղեկատւութեան համար, որ կ՚օգնէ ձերբակալել նախկին նախագահը։ Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ Պաշշար Ասատն ընտանիքի հետ ժամանած է Ռուսիա, ուր անոր ապաստան տուած են։