Վրաստանը մտադիր է շարունակել այն գործնապաշտ քաղաքականութիւնը, որ կը վարէ Ռուսիոյ նկատմամբ. այսօր Թիֆլիսի մէջ, նոր կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ժամանակ, յայտարարած է Վրաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Իրաքլի Քոպախիձէն։
«Գործնապաշտ քաղաքականութիւնը խաղաղութիւնը պահպանելու եւ մեր ռազմավարական շահերը պաշտպանելու կարեւորագոյն գործիքներէն մէկն է։ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հակամարտութեան կարգաւորումը մեր առաջնահերթութիւններու շարքին է»,- նշած է Քոպախիձէն:
«Գոյութիւն ունին կարմիր գիծեր, որոնք հատել մենք չենք պատրաստուիր։ Անոնցմէ առանցքայինը մեր տարածքներու ապաբռնագրաւումն է»,-նշած է ան: