image

Ռուսիան ուշադիր պիտի հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն. Ռուս վերլուծաբան

Ռուսիան ուշադիր պիտի հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն. Ռուս վերլուծաբան

Ռուսիան շատ ուշադիր կը հետեւի, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Այս մասին 4 փետրուարին, տեսակապի միջոցով Երեւան կայացած «Հայաստանը եւ Ռուսաստան-Արեւմուտք կլոպալ դիմակայութիւնը. 2022 թուականի արդիւնքները» խորագրով կլոր սեղանի ժամանակ յայտարարած է ռուս քաղաքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, արտաքին պաշտպանական քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ եւ Մոսկուայի Քարնեկի կեդրոնի նախկին տնօրէն Տմիթրի Թրենինը։

Ռուս քաղաքագէտի խօսքով՝ Հայաստանը Մոսկուայի կողմէ կը դիտարկուի, որպէս ինքնիշխան պետութիւն, որ ինքը կ'որոշէ, թէ որ ճանապարհն ընտրել։ 

«Ի հարկէ, Ռուսիան ունի իր նկատառումները Հայաստանի զարգացման տարբեր հնարաւոր ուղիներու վերաբերեալ։ Հայաստանը դաշնակից է, Հայաստանը Եւրասիական համարկման գործընկեր է։ Բայց մենք, ի հարկէ, Մոսկուայի մէջ ուշադրութիւն կը դարձնենք կարծիքներու այն տարբերութիւններուն, որոնք մենք նոյնպէս կը զգանք»,-ընդգծած է ռուս փորձագէտը։

Անոր խօսքով՝ ցանկութիւն կայ դիմելու այլ հնարաւոր դաշնակիցներուն, հաւանական դաշնակիցներուն, գործընկերներուն։

«Բայց այստեղ շատ կարեւոր է կողմնորոշուիլը։ Անորոշութիւնը, հաւանաբար, աւելի սնուցուող միջավայր է տարբեր հակամարտութիւններու համար: Ցանկացած ընտրութիւն ունի իր գինը։ Մենք այդ այսօր կը տեսնենք յետխորհրդային շատ պետութիւններու օրինակով։ Այնպէս որ, ես կը կարծեմ, որ մենք այստեղ շատ ուշադիր պիտի հետեւինք, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ»,-նշած է Տմիթրի Թրենինը։

Ռուս քաղաքագէտն ընդգծած է, որ Մոսկուան առաջին հերթին նկատի պիտի ունենայ Ռուսիոյ ազգային շահերը՝ միաժամանակ նշելով, որ անհրաժեշտ է հասկնալ, որ Ռուսիան ոչ Խորհրդային Միութիւն է, ոչ ալ Ռուսական կայսրութիւն եւ չի պատրաստուիր վերականգնել ո՛չ Միութիւնը, ո՛չ կայսրութիւնը։

«Եւ ռուսական վարքագիծն այլ կ'ըլլայ, քան Խորհրդային Միութեան կամ Ռուսական կայսրութեան պահուածքն անցեալին, եւ այս կամ այն տարածաշրջաններու նշանակութիւնն այսօր Ռուսիոյ համար այլ է, քան այն եղած է 150 տարի կամ 50 տարի առաջ։ Այդ ամէնը պէտք է հաշուի առնել»,-եզրափակած է ռուս փորձագէտը։