image

Ռուսիան կը ծրագրէ մինչեւ տարեվերջ Ուքրանիոյ մէջ «Մայտան-3» կազմակերպել. Զելենսքի

Ռուսիան կը ծրագրէ մինչեւ տարեվերջ Ուքրանիոյ մէջ «Մայտան-3» կազմակերպել. Զելենսքի

Ռուսիան շատ կ՚ուզէ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին զրկել իշխանութենէն եւ կը նախապատրաստէ «Մայտան» (յեղաշրջում). այս մասին The Sun-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Զելենսքին:

Անոր խօսքով`յեղաշրջման ծածկանունը «Մայտան 3» է, եւ իրականացման վերջնաժամկէտը մինչեւ տարեվերջ է:

«Գործողութեան ծածկանունն է «Մայտան 3». նպատակն է փոխել նախագահը: Թերեւս՝ ոչ սպանելով: Անոնք կ՚օգտագործեն ամէն տեսակ գործիք, որն ունին... Ժամանակը մինչեւ տարեվերջ է», -ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Զելենսքին նաեւ բացառած է ընտրութիւններու կայացումը, որոնք պէտք է տեղի ունենային յաջորդ տարի՝ պնդելով, որ այդ անօրինական է ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ, անհնար է պատերազմի պատճառով եւ կրնայ մասնատել երկիրը: