Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են անօդաչու թռչող սարքերով իրար տարածքին հարուածներ հասցնելու մասին, գրած են ռուսական լրատուամիջոցները։
Ինչպէս իր թելեկրամեան ալիքին գրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Քալուկայի մարզի նահանգապետ Վլատիսլաւ Շափշան, օգոստոս լոյս 3-ի գիշերը Ռուսիոյ Դաշնութեան հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Քալուկայի մարզի երկինքին մէջ խոցած են ուքրանական 6 անօդաչուներ։
Նահանգապետի խօսքով՝ միջադէպի հետեւանքով մարզին մէջ տուժածներ եւ աւերածութիւններ չկան։
Քիեւը իր հերթին յայտնած է, որ ուքրանական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գիշերը խոցած են շուրջ 15 անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կը թռէին Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի ուղղութեամբ։ Քաղաքին մէջ տուժածներու եւ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած, սակայն յայտնի է, որ մայրաքաղաքին մէջ պայթումներու ձայներ լսուած են, որոնք, ենթադրաբար, պայմանաւորուած եղած են անօդաչուներու խոցմամբ։