image

Ռուսիա «ծանր» մեկնաբանութիւններ տուած է Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատան բացման վերաբերեալ

Ռուսիա  «ծանր» մեկնաբանութիւններ տուած է  Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատան բացման  վերաբերեալ

Ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ ողբերգական իրադարձութիւններու հիմքին ինկած է այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու նկատմամբ այս ամբարտաւան վերաբերմունքը:

 

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը մեկնաբանած է ՀՀ-ի Գանատայի դեսպանատուն բանալու մասին յայտարարութիւնը:

«Մենք ուշադրութիւն դարձուցինք Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան բացման մասին լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուած հաղորդագրութեան: Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլար, բայց տարակուսելի է, որ այս քայլը, ըստ լրատուամիջոցներուն, անկեղծօրէն ներկայացուած է Գանատայի Արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ, այդ շարքին` «ռուսական ազդեցութեան հակազդելու» ծիրին մէջ: Զարմանալի է պետութեան նկատմամբ նման բացայայտ ամբարտաւան ու արհամարհական վերաբերմունքը: 

Ակամայ կը մտածես, թէ նման գիծը ինչպէս պիտի ազդէ հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան ու անվտանգութեան վրայ:

Այս նիւթը ցուցիչ է այն պետութիւններու իշխող շրջանակներուն կողմէ մնացեալ աշխարհի ընկալման տեսանկիւնէն, որոնք իրենց կը դասեն «ոսկէ միլիառ»ի շարքին: Ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ ողբերգական իրադարձութիւններու հիմքին ինկած է այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու նկատմամբ այս ամբարտաւան վերաբերմունքը», կ'ըսուի Ռուսիոյ դեսպանատան ֆէյսպուքեան էջով տեղակայուած հաղորդագրութեան մէջ: