Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն եւ Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթինը հեռախօսազրոյց ունեցած են։ Շոյկուն խօսած է Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբի» (ցած թողունակութեան միջուկային զէնք) օգտագործմամբ հնարաւոր սադրանքներու մասին։
Ինչպէս գրած է kommersant.ru-ն, Օսթին պաշտպանութեան չորրորդ նախարարն է, որուն հետ 23 հոկտեմբերին, Սերկէյ Շոյկուն խօսած է «կեղտոտ ռումբ»ի մասին։ Նախքան այդ Շոյկուն նոյն թեմայի շուրջ զրուցած էր իր բրիտանացի, ֆրանսացի եւ թուրք գործընկերներու հետ:
«Բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուն իր բրիտանացի գործընկերոջ հաղորդած է Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբ»ի կիրառմամբ հնարաւոր սադրանքներու վերաբերեալ մտահոգութիւնները»,-ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
23 Հոկտեմբերի առաւօտեան, ՌԻԱ «Նովոստի» գործակալութիւնը յօդուած հրապարակած է, ուր, յղում ընելով «տարբեր երկիրներու վստահելի աղբիւրներուն», ըսուած է, որ Ուքրանիան, իբր, սադրանք կը նախապատրաստէ «կեղտոտ ռումբ»ի պայթեցմամբ, իսկ ետքը կը ծրագրէ այդ արարքով մեղադրել Ռուսիան։