image

Միացեալ Նահանգներ կրնայ հարուածել Իրանը. Եղած են կանխազգուշացումներ

Միացեալ Նահանգներ կրնայ հարուածել Իրանը. Եղած են կանխազգուշացումներ

 

Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը նախապատրաստուին Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու նոր փուլի՝ ակնկալելով թուլացնել Թեհրանը եւ զայն վերադարձնել բանակցութիւններու սեղան։ Ըստ The Wall Street Journal պարբերականին՝ Ուաշինկթըն Պարսից ծոցի արաբական իր դաշնակիցները զգուշացուցած է հնարաւոր կարճատեւ, բայց բուռն ռազմական գործողութիւններու մասին։

Պարբերականին համաձայն՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած, սակայն հակամէտ է լայնածաւալ յարձակում իրականացնելու՝ Նոյեմբեր 3-ին նախատեսուած Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք։ Հնարաւոր թիրախներ կրնան ըլլալ Իրանի ենթակառոյցներն ու միջուկային կառոյցները։

Ամերիկեան ուժերը կը բարձրացնեն մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը՝ Իսրայէլ տեղափոխելով «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան լրացուցիչ համակարգ եւ համալրելով զինամթերքի պաշարները։ Միաժամանակ, կը նախատեսուի տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմածովային ներկայութեան ուժեղացումը։

Սպիտակ տունը հրաժարած է մեկնաբանել ռազմական ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները՝ նշելով, որ Թրամփ կը պահպանէ գործողութիւններու բոլոր տարբերակները՝ Իրանի միջուկային զէնք ձեռք բերելուն արգելք հանդիսանալու համար։

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւս կողմ է ռազմական գործողութիւններու վերսկսման՝ նպատակ ունենալով թուլացնել Իրանը եւ հասնիլ վարչակարգի փոփոխութեան։

Մինչ այդ, փորձագէտներ կը կասկածին, որ նոր ռմբակոծութիւնները պիտի ստիպեն Թեհրանին զիջումներ կատարել։ Իրանը նախազգուշացուցած է, որ նոր յարձակումներու պարագային հարուածներ պիտի հասցնէ տարածաշրջանի տնտեսական եւ քաղաքացիական կառոյցներուն՝ մեծցնելով ամերիկեան ռազմակայաններուն եւ Պարսից ծոցի երկիրներու կենսական ենթակառոյցներուն սպառնացող վտանգը։