image

Հարուածել կամ ոչ Իրանին. Թրամփը տակաւին չէ որոշած

Հարուածել կամ ոչ Իրանին. Թրամփը տակաւին չէ որոշած

Տանըլտ Թրամփ տակաւին որոշում չէ կայացուցած Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու վերաբերեալ եւ կողմ է հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։

«Ուաշինկթըն պատրաստ է բանակցութիւններ վարելու Թեհրանի հետ, սակայն կը սպասէ իրանական կողմի դիրքորոշման փոփոխութեան», ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին խօսքով՝ Թեհրան կը պահանջէ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներուն վերացումը, տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմական ներկայութեան կրճատումը եւ իրանական սառեցուած դրամագլուխներու ազատ արձակումը։

Սակայն Իրան ներկայիս անհրաժեշտ չի նկատեր Ուաշինկթընի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելը։