Լեռնային Ղարաբաղէն Ուքրանիա «խաղաղապահ ուժերու» վերատեղակայումը կը խափանէ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ։ Այս մասին իր զեկոյցին մէջ գրած է Պատերազմի ուսումնասիրման ISW ամերիկեան հիմնարկը։
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մարտ 16-ին Ատրպէյճանը մեղադրած է նոր լայնածաւալ յարձակում եւ Արցախի էթնիք հայերու ցեղասպանութիւն պատրաստելու եւ իրականացնելու մէջ։ Փաշինեան ըսած է, որ Հայաստանը պէտք է դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ, եթէ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը չկարողանայ պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնագիրը, որ կնքուած է Մոսկուայի միջնորդութեամբ։
Փաշինեան աւելի վաղ Արցախի մէջ ռուսական «խաղաղապահ ուժերը» մեղադրած էր «իրենց պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ, երբ 2022 թուականի դեկտեմբերին ռուսական ուժերը չէին յաջողած ապահովել» անցումը Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ միակ՝ Լաչինի միջանցքով։
Ռուսական «խաղաղապահ ուժերը» Արցախի մէջ թերի են։ Ռուս զինուորականները Ռուսիոյ միակ մասնագիտացուած խաղաղապահ զօրախումբը Լեռնային Ղարաբաղէն ուղարկելով վերատեղակայած են Ուքրանիա, 2022-ի մարտին։
Զօրախումբի 1 800 զինուորներէն, որոնք 2022-ի յունիսի դրութեամբ ուղարկուած են Ուքրանիա, 800-ը սպանուած է, 400-ը՝ վիրաւորուած։ Ռուսիան, հաւանաբար, պիտի կորսնցնէ ռազմական ազդեցութիւնը յետխորհրդային այլ պետութիւններու մէջ, քանի որ Մոսկուան մշտապէս տեղակայուած ռուսական զօրքերը Ղրղըզստանի, բռնագրաւուած Վրաստանի (Աբխազիա եւ Հարաւային Օսիա) եւ Տաճիկստանի ռազմակայաններէն վերատեղակայած է Ուքրանիա»,- նշուած է զեկոյցին մէջ։