Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան 12 Ապրիլին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան ընդունեցին Ռուսիոյ մէջ հանդիպելու առաջարկը` քննարկելու համար կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը:
«Գործընկերներն ընդունած են մեր առաջարկը՝ երկկողմ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը մեր տարածքին մէջ կայացնելու վերաբերեալ: Մենք կը յայտարարենք ժամկէտները, երբ ամէն ինչ վերջնականապէս համադրուի», -ըսած է Զախարովան, աւելցնելով՝ «Մեր ջանքերը պիտի չթուլնան` բազմակողմանիօրէն աջակցելու համար Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին, նախապատրաստելու խաղաղութեան համաձայնագիրը այդ երկիրներուն միջեւ»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յառաջիկայ հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ չյայտնեց եւ միայն փոխանցեց, թէ նախարարին այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն մասին տեղեակ պիտի պահուի յարմար պահու։