image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն հեռացնելու հնարաւորութիւն չկայ․ Սպիտակ տուն

Ռուսաստանը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն հեռացնելու հնարաւորութիւն չկայ․ Սպիտակ տուն

ԱՄՆ-ն չի տեսներ Ռուսաստանը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն հեռացնելու հնարաւորութիւն` չնայած Ուքրանիոյ կոչերուն: Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան խօսնակ Ճեն Փսաքին:

ԱՄՆ չի պատրաստուիր ոչ-թռիչքային գօտի ստեղծել Ուքրանիոյ վրայով, այդ կը սպառնայ պատերազմով Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, Ուաշինկթըն կը փափաքի խուսափիլ անկէ, ընդգծած է Փսաքին:

«Մենք կեդրոնացած ենք Ռուսաստանը մեկուսացնելու եւ զայն պատասխանատուութեան ենթարկելու վրայ», յայտնած է Սպիտակ տան խօսնակը:

Ան նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ չի կրնար ըսել եթէ հնարաւոր է Փութինի եւ Պայտընի շփումը, քանի դեռ ռուսական զօրքերը կը գտնուին Ուքրանիոյ մէջ, այժմ փոխգործակցութեան ծրագրեր չկան: