image

Ռուսաստան վտարեց Ուքրանիոյ Հիւպատոսը

Ռուսաստան վտարեց Ուքրանիոյ Հիւպատոսը

 

Ուքրանիոյ հիւպատոս Ալեքսանտր Սոսոնիւկը, որ նախապէս ձերբակալուած էր ԱԴԾ-ի կողմէ՝ գաղտնի տեղեկատուութիւն ստանալու փորձի ժամանակ, 19 ապրիլէն 72 ժամուայ ընթացքին ստիպուած պիտի ըլլայ լքել Ռուսաստանի տարածքը, ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 17 ապրիլին տեղի ունեցած միջադէպի կապակցութեամբ Ռուսաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վ. Փոքոթիլոն կանչուած է ՌԴ ԱԳՆ:

«Ռուսական կողմը մատնանշած է այս տեսակի գործունէութեան անթոյլատրելիութիւնը, որ անհամատեղելի է հիւպատոսական աշխատակիցի կարգավիճակի հետ եւ կը վնասէ Ռուսաստանի Դաշնութեան անվտանգութեան շահերուն: Յայտարարուած է, որ Ռուսաստանի տարածքին մէջ անոր մնալն անցանկալի է, եւ առաջարկուած է 19 ապրիլէն 72 ժամուայ ընթացքին լքել անոր սահմանները»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի ԱԴԾ-ի յայտարարութեան համաձայն, Ուքրանիոյ հիւպատոսը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ռուսաստանցիի հետ հանդիպման ժամանակ փորձած է գաղտնի բնոյթի տեղեկատուութիւն ստանալ եւ ձերբակալուած է յանցանքի վայրին մէջ: Ձերբակալուածի գործունէութիւնը գնահատուած է որպէս Ռուսաստանի նկատմամբ թշնամական եւ դիւանագէտի կարգավիճակի հետ անհամատեղելի արարք: