Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 17 ապրիլին տեղի ունեցած միջադէպի կապակցութեամբ Ռուսաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վ. Փոքոթիլոն կանչուած է ՌԴ ԱԳՆ:
«Ռուսական կողմը մատնանշած է այս տեսակի գործունէութեան անթոյլատրելիութիւնը, որ անհամատեղելի է հիւպատոսական աշխատակիցի կարգավիճակի հետ եւ կը վնասէ Ռուսաստանի Դաշնութեան անվտանգութեան շահերուն: Յայտարարուած է, որ Ռուսաստանի տարածքին մէջ անոր մնալն անցանկալի է, եւ առաջարկուած է 19 ապրիլէն 72 ժամուայ ընթացքին լքել անոր սահմանները»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի ԱԴԾ-ի յայտարարութեան համաձայն, Ուքրանիոյ հիւպատոսը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ռուսաստանցիի հետ հանդիպման ժամանակ փորձած է գաղտնի բնոյթի տեղեկատուութիւն ստանալ եւ ձերբակալուած է յանցանքի վայրին մէջ: Ձերբակալուածի գործունէութիւնը գնահատուած է որպէս Ռուսաստանի նկատմամբ թշնամական եւ դիւանագէտի կարգավիճակի հետ անհամատեղելի արարք: