«Արեւելք»ին հասած հաղորդագրութիւնէն կը կարդանք՝
28 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Մեծարգոյ Արա Աւետիսեան հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին՝ համայնքապետարանի գրասենեակէն ներս։
Հանդիպման ընթացքին Վերապատուելին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հիւպատոսին՝ Հալէպի հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերած նուիրեալ եւ արդար ծառայութեան համար, նաեւ բարեմաղթեց նոր պատասխանատուութիւններու մէջ յաջողութիւններ։
Իր կարգին Մեծարգոյ Հիւպատոսը բարձր գնահատեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի կեանքին մէջ բերած շարունակական նպաստը՝ մասնաւորապէս մարդասիրական, կրթական, առողջապահական եւ ազգային դաշտերու մէջ իրականացուած ծառայութիւնները։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ փոխադարձ յարգանքի եւ բարեմաղթութիւններու արտայայտութիւններով։