image

Ռուսաստան ջատագով երկու կողմերու հաշտութեան. Ռուս պաշտօնատար

Ռուսաստան ջատագով երկու կողմերու հաշտութեան. Ռուս պաշտօնատար

Ռուսիոյ խորհդարանի` Դաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթուիենքօ ըսած է, որ Ռուսիան յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքեն։

Ան նշած է, որ Ռուսիա կարելի դարձուց երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատելը եւ կը շարունակէ այդ ջանքերը: «Մենք յոյս ունինք, որ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ որքան կարելի է արագ», յայտնած է Մաթուիենքօ։

Աւելի կանուխ տեղի ունեցած էր Մաթուիենքոյի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Սահիպա Քաֆարովայի հանդիպումը, որուն ընթացքին վերջինս պնդած է, որ Հայաստան տարածաշրջանին մէջ վիճակը կը սրէ: