image

Ռուսական յառաջխաղացք Խարքովի ուղղութեամբ

Ռուսական յառաջխաղացք Խարքովի  ուղղութեամբ

Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուորականները վերահսկողութեան տակ առած են Խարքովի մարզի հինգ բնակավայր։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանական գերատեսչութեան տուեալներով՝ ռուսական բանակը գրաւած է Պորիսովքան, Օկուրցովոն, Փլետենեւքան, Փիլնաիան եւ Սթրելեչիան։

Ռուսական զօրքերը Խարքովի շրջանին մէջ ազատագրած են Քիսլովքան եւ Նովոքալինովոն:

Դատելով բաց աղբիւրներու տուեալներէն՝ ատոնք փոքր գիւղեր են, ուր բնակչութիւնը կը տատանուի 200-էն 500 մարդու միջեւ։ Սթրելեչիոյ մէջ կ'ապրի աւելի քան հազար մարդ։

Խարքովի վրայ Ռուսիոյ յարձակումը հաստատած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։

Ան չէ կարողացած պատասխանել այն հարցին, թէ ռուսական զօրքերը ինչ պահեստազօրք պատրաստ մարտի նետած են ։