ORSIS ռուսական ընկերութիւնը Երեւանի հետ զէնքի մատակարարման բանակցութիւններ կը վարէ։ Այս մասին ORSIS («Զինատեսակի համակարգեր», որ կը մտնէ Արդիւնաբերական տեխնոլոկիաներ ընկերութիւններու խումբին մէջ) ձեռնարկութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ՝ Մաքսիմ Պայմետովն ըսած է ՌԻԱ «Նովոսթի»-ի տուած հարցազրոյցին։
Մեկնաբանելով հարցը, թէ յաջողած է արդեօք ORSIS-ին յաղթահարել թիւրըմբռնումը, որ առաջացած էր Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, Պայմետով հաստատական պատասխան տուած է ։
«Յաջողած է։ «Բանակ-2021» ցուցահանդէսին ընկերութեան ղեկավարութիւնը հանդիպած է հայկական ռազմական գերատեսչութեան պատուիրակութեան հետ, զոր կը գլխաւորէր պաշտպանութեան նոր նախարար՝ Արշակ Կարապետեան»,- նշած է ընկերութեան ներկայացուցիչը։
Անոր խօսքով՝ հայ գործընկերները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են ORSIS-ի ներկայացուսած բոլոր զինատեսակներուն, անոնց կարգին՝ հեռանկարային նմուշներուն հանդէպ։
«Այսօր շարք մը նախապայմանագրային բանակցութիւններ կը վարուին Երեւանի հետ, եւ կարելի է ըսել, որ ORSIS-ը բացած է նոր եւ դրական էջ հայկական կողմի հետ համագործակցութեան մէջ»,- նշած է Պայմետովը։