ԱՄՆ-ի յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանը կ՚ուզէ երես թեքել Ռուսիայէն, անհիմն են. Ռուսիոյ եւ Հայաստանի՝ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը պիտի դիմանան բոլոր փորձութիւններուն, որոնց կ՚ենթարկուին Արեւմուտքի կողմէ։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գոծոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Աւելի վաղ ԱՄՆ արտաքին գոծոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայըն 30 յուլիսին յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ պայմաններ ստեղծել Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ կապի խզման համար։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանի բնակչութեան զգալի մասը կ՚ուզէ հեռանալ Ռուսիայէն, եւ Միացեալ Նահանգները ատոր համար պայմաններ կը ստեղծէ։
«Ինչ կը վերաբերի Օ'Պրայընի անհիմն պնդումներուն, թէ Հայաստանը կ՚ուզէ երես թեքել Ռուսիայէն, ապա սա ամերիկացիներուն բնորոշ աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան եւս մէկ օրինակ է՝ համաշխարհային հանրութեան աչքին Ուաշինկթընին անհրաժեշտ «իրականութիւնը» յօրինելու ձգտում, որ ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան մէջ տեղի ունեցողի հետ»,- նշած է Զախարովան։
Դիւանագէտի խօսքով՝ ընկերային հարցումներու միջոցով իրավիճակը խեղաթիւրելու փորձերը տեսանելի են նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու մէջ:
«Օ'Պրայընը եւ անոր խմբակիցները պէտք է հասկնան մէկ պարզ բան. մեր երկիրներու միջեւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը պիտի յաղթահարեն բոլոր փորձութիւնները, որոնց անդադար կ՚ենթարկէ Արեւմուտքը... Պատմութեան ընթացքին մենք բազմիցս ձեռք մեկնած ենք եղբայրական հայ ժողովուրդին, եւ մենք մտադիր ենք այդկերպ ընել ապագային»,- եզրափակած է Զախարովան։