image

Ռուս երկու զինուոր վիրաւորուած եւ Գորիսի հիւանդանոց ներկայացած է

Ռուս երկու զինուոր վիրաւորուած եւ Գորիսի հիւանդանոց ներկայացած է

Մարտ 21-ի երեկոյեան Սիւնիքի մարզպետարանի ենթակայութեան Գորիսի բժշկական կեդրոն դիմած է ազգութեամբ ռուս երկու զինծառայող՝ գլխու շրջանին ոչ հրազէնային թեթեւ վնասուածքներով։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Սիւնիքի մարզպետարանը։

Զինծառայողները ստացած են առաջին բուժօգնութիւն ու անմիջապէս դուրս եկած հիւանդանոցէն:

Աւելի վաղ հայկական թելեկրամեան շարք մը ալիքներ տեղեկութիւն տարածած էին , թէ Սիւնիքի մէջ ատրպէյճանական զինուժի գնդակոծութեան հետեւանքով 2 ռուս զինծառայող վիրաւորուած է։ Տեղեկութիւններ տարածուած էին նաեւ, թէ վիրաւորուածներէն մէկը մահացած է։