image

Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած

Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է՝ ոչ արդարացնող հիմքով։ Որոշումը քիչ առաջ հրապարակած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի նախագահութեամբ։

Քոչարեանը կը մեղադրուի գործարար Սիլվա Համբարձումեանէն 3 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու համար, այս գործով դեռ մայիսին լրացած է վաղեմութեան ժամկէտը եւ նախորդ նիստին Քոչարեանը չէ առարկած ոչ արդարացնող հիմքով իր նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու դէմ։

Աւելի վաղ, Քոչարեանի պաշտպանները քիչ հաւանական համարած էին, որ Քոչարեանը որոշէ չառարկել դադրեցնել քրէական հետապնդումն առանց արդարացման հասնելու։ Թէ ինչ փոխուեցաւ՝ «Լուրեր»ու այս հարցին Քոչարեանը չէ պատասխանած ու հեռացած դահլիճէն։